2014-05-29 09:48:14

Տէր Թովմաս Հալիք` Չեխ քահանայ մը արժանացաւ 2014 ''Թեմբլեթոն'' մրցանակին։


Կրօնքի ազատութեան 2014-ի ''Թեմբլեթոն'' մրցանակը այս տարի շնորհուած է իմաստասէր ու կրօներու ուսումասէր` տէր Թովմաս Հալիք` Զեխ քահանայի մը, որ իր ''կեանքը նուիրած է կրօնքի ազատութեան, համայնավարութեան տարիներուն ու ներկայիս կը գործէ` ի սպաս կրօներու եւ թերահաւատ հետ երկխօսութեան'', կը մատնանշէ ''Թեմբլեթոն'' հիմնադրամը։
Պարգեւատրութիւնը, որ համազօր է 1,6 միլիոն Զուիցերական ֆրանքի, տեղի ունեցաւ անցեալ 14 մայիսին Լոնտոնի մէջ։
Յայտնենք որ ''Թեմբլոդոն'' մրցանակը ամէն տարի կը շնորհուի այն անձին որ բացառիկ կերպով կ'աշխատի հոգեւոր ծաւալին ի խնդիր։
Տէր Թովմաս Հալիք` կաթողիկէ քահանան, Կեդրոնական Եւրոպայի մեծագոյն մտաւորականներէն մին է։ Հեղինակ է աւելի քան 20 հատորի, թարգմանուած բազմաթիւ լեզուներով։ Ան մրցանակիր է աւելի քան տասնեակ պատուոյ մրցանակներու։








All the contents on this site are copyrighted ©.